2014-05-25 10:15:17

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը Պաղեստինեան իշխանութիւններուն հետ` ''Ժամն է, որ վերջ դրուի այս անհանդուրժելի իրավիճակին''


Կիրակի, 25 Մայիս 2014։ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ առնելով Ամմանէն ինքնաթիռով ուղղուեցաւ Բեթղեհէմ ուր ժամանեց` տեղական ժամով 9,20 անց ու ապա ուղղուեցաւ Պաղեստինի Իշխանութեան նախագահական Պալատ` ուր տեղի ունեցաւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը։
Պաղեստինի նախագահ` Մահմուտ Ապպասին հետ ունեցած առանձնական հանդիպումի աւարտին Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ Պաղեստինեան իշխանութիւններուն հետ։
Պաղեստինի նախագահ` Մահմուտ Ապպասի արտասանած բարի գալուստի ճառէն ետք, Սրբազան Հայրը ներկաներուն ուղղեց պատգամ մը որուն մէջ նախ գոհունակութիւն յայտնեց Յիսուսի ծննդեան վայրին մէջ իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար ու ապա ակնարկեց Միջին Արեւելքի մէջ գոյատեւող դժուար եւ անկայուն կացութեան, ''որ վէրքեր կը յառաջացնէ եւ կողմերու միջեւ կայացած անհասկացողութիւններու պատճառաւ, կը ստեղծուին անապահովութիւն, իրաւունքներու մերժում, համայն հասարակութիւններու կղզիացում, բաժանում ու տառապանք''։
''Ժամն է, բոլորին բարիքին համար, որ վերջ դրուի այս անհանդուրժելի իրավիճակին', յանձնարարեց Քահանայապետը ու հրաւիրեց կողմները կրկնապատկելու` կայուն խախաղութիւն ստեղծող ձեռնարկները, որ հիմնուած ըլլան ամէն մէկուն իրաւունքի ճանաչողութեան, փոխադարձ ապահովութեան եւ միջազգային հասարակութեան կողմէ Երկու Պետութիւններու գոյատեւման ճանաչումին վրայ։
''Պաղեստինի եւ Իսրայելացի ժողովուրդներուն կը մաղթեմ որ քաջութեամբ յանձն առնեն խաղաղութիւն տանող գաղթի ուղեւորութիւնը'', ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ ապահովութեան մէջ խաղաղութիւնը եւ փոխադարձ վստահութիւնը առանցքը պիտի կազմեն հաւասարակշիռ համակեցութեան։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց շրջանի մէջ ապրող քրիստոնեայ հասարակութեան որ իմաստալից կերպով կը սատարէ հասարակաց բարիքին եւ ընկերութեան։ Քրիստոնեաները – ըսաւ Սրբազան Հայրը - մտադիր են շարունակել կատարել իրենց այս դերը, որպէս լի- իրաւ իրաւունքով քաղաքացիներ, եղբայրներ նկատուած միւս իրենց հայրենակիցներուն հետ միասին։
Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ Սուրբ Աթոռի եւ Պաղեստինի Պետութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող լաւ յարաբերութիւններուն մաղթելով որ այդ յարաբերութիւննեը միշտ աւելիով ամրապնդուին, բոլորին բարիքին համար։ Այս առընչութեամբ Սրբազան Հայրը ակնարկեց երկու Պետութիւններու միջեւ ուսումնասիրուած համաձայնութեան` հայող Երկրի մէջ ապրող կաթողիկէ համայնքի կեանքի տարբեր ասպարէզներուն ու յատկապէս Կրօնի Ազատութեան որ – ըսաւ Ան - խաղաղութեան, եղբայրութեան ու ներդաշնակութեան հիմնական պայմաններէն մին է։ Այս մէկը – ըսաւ Սրբազան Պապը - համայն աշխարհին համար նշան մըն է որ հարկաւոր եւ կարելի է զանազան մշակոյթներու եւ կրօններու միջեւ համաձայնութիւն կնքել ու ձգտիլ խաղաղ համակեցութեան ու ըլլալ եղբայրներ որովհետեւ միեւնոյն Աստուծոյ զաւակներ ենք։
Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակեց հայցելով ներկաներուն վրայ Աստուծոյ օրհնութիւնները։ ''Թող Ան ձեզի պարգեւէ իմաստութիւնը եւ քաջութիւնը ընթանալու դէպի խաղաղութիւն, սուրերը դառնան խոփեր եւ այս Երկրին մէջ բարգաւաճումն ու ներդաշնակութիւները դարձեալ ծաղկին։ Սալամ։







All the contents on this site are copyrighted ©.